մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Ծափ ծափիկ

Փոքր տարիքէն սկսեալ, երեխաները պատրաստ են իրենց ձայնին հետ խաղալով, երգելով, ծափելով եւ պարելով բնականօրէն երաժշտութիւն արտադրելու։ Ծափ-Ծափիկ-ի մանկավարժական ուղեցոյցին եւ այդտեղ ներկայացուած խաղերուն ընկերակցութեամբ փոքրիկները երաժշտական հարուստ փորձառութիւն պիտի ամբարեն։ Միեւնոյն ժամանակ առիթը պիտի ունենան զանազան այլ հմտութիւններ զարգացնելու։

Ծափ-Ծափիկը բաղկացած է գիրքէ մը որ 180 էջ է եւ 25 երգերէ կազմուած ցանկէ մը, որոնք իրար կ՚ամբողջացնեն հրամցնելու համար ծրագիրին ութը փուլերը։ Երաժիշտ եւ երաժշտագէտ Սեւանա Չագըրեանի հեղինակած Ծափ-Ծափիկը պատրաստուած է երկու առանձին տարբերակով, թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ արեւելահայերէն։ Երգացանկը կարելի է ունկնդրել նաեւ ուղեցոյցէն անկախ, որպէս հաճելի եւ ուրախ պահերու անբաժան ընկեր։

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Սփիւռք մատենաշար

Անձրեւոտ օրեր

Վէպ

Քառակուսիէն դուրս

Մանկական գրքոյկ

Պարոն Նիկողոս

Մանկապատանեկան վիպակ

Հայբոտ