Ամեն առտու
Պարոն Նիկողոս
ներբանները ծակծկած,
կապերն ալ
քառասուն հանգոյց եղած
զոյգ մը կօշիկը
կը ներկէր,
հետը խօսելով
ծլը΄փ ծլը΄փ
կը փայլեցնէր…

Էէէէ՛հ…
Հի՛ն օրեր…
Յիշատակնե՛ր…

Ի΄նք
իր այս կօշիկով
ի՛նչ ճամբաներ քալած էր…
Ի΄նք
իր այս կօշիկով
ի՛նչ ճամբաներէ եկած էր…
եւ տակաւին
իր վերջի΄ն ճամբան`
ի վերին Երուսաղէմ
ա΄յս կօշիկով
պիտի քալէր…
Նկարներ՝