— Երկի՛նքը ծակեր է, երկի՛նքը,— ձայն տուաւ ներսէն Վարսենիկ, Տկն. Արմտիքեանին կրտսեր աղջիկը՝ որ երեսունհինգի մօտ կին մըն էր, թուխ ու չոր, համակ ջիղ։ Պատերազմի չորս տարիներուն, ամուսինը գերի մնացեր էր Գերմանիա։ Այդ շրջանին, երկու տղոցը հոգն ու մանաւանդ մինակութիւնը քայքայեր էին իր առողջութիւնը, որ տակաւին կը մնար խախուտ, հակառակ բժշկական լուրջ խնամքներուն ու լեռնագնացութեան...։
Նկարներ՝

