Զար զընգը

Մանկապատանեկան վիպակ

«Զար զընգը» մեծ և փոքր երեխաներուն համար է։ Որպէս աւանդազրոյց մը՝ «Զար զընգը» կը պատմէ թէ ինչպէ՛ս ծնած է երաժշտութիւնը եւ թէ ինչպէ՛ս մարդուն հոգին երաժշտութեան կապուած է ։ Գիրերու, գծագրութիւններու, գոյներու եւ տպագրական այլ հնարքներու միջոցաւ գիրքը ընթերցողը կը տանի զգացումէ զգացում՝ կը զարմացնէ, կը հարցադրէ եւ կը խաղայ։ «Զար զընգը» հատորը արժանի գտնուած է «Պոլոնիայի երեխաներու մրցանակ»ի «Ապշեցուցիչ գրադարան» *(The BRAW Amazing Bookshelf)* 2022ի ցանկին մաս կազմելու։
երբ լոյսը բաժնուեցաւ խաւարէն,
երբ երկինքը բաժնուեցաւ ծովէն,
երբ ծովէն ծնաւ երկիրը,
երբ երկրին վրայ սերմեր ծիլ տուին,
երբ քոյր-եղբայր լուսատուներ յայտնուեցան երկնքին մէջ,
երբ ծովուն մէջ թափանցեցին ձուկեր,
երբ երկնքին մէջ սաւառնեցան թռչուններ,
երբ երկրին վրայ յայտնուեցան կենդանիներ,
կեանքի ոգին հոն էր․
այո՛
ան կար եւ կը շնչէր․
կեանքի ոգին թեթեւ էր,
եթերային,
ազատ ու երջանիկ․
ան կար եւ կը շրջէր՝
գիշեր-ցերեկ
երկնքին ու երկրին վրայ․
երբ ցանկար՝
ան կրնար
սուզուիլ ծովերուն խորերը,
ձուլուիլ քարերուն մէջ,
ծուարիլ ծառերուն մէջ,
պահուըտուք խաղալ լուսատուներուն հետ...

Նկարներ՝