Գորալին

Մանկապատանեկան վիպակ

Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ։ Հարցը մշուշոտ ըլլալը չէ՛, ո՛չ ալ զինքը անդադար ուշի ուշով դիտող կատուն, ո՛չ իսկ իր նոր դրացիներուն՝ օրիորդ Սփինքին եւ օրիորդ Հորսիպլին կողմէ թէյի տերեւներուն մէջ կարդացած վտանգի ազդանշանները։ Չէ՛, հարցը միւս տունն է, այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է։ Այդտեղ ուրիշ մայր եւ ուրիշ հայր մը, կոճականման սեւ աչքերով եւ մագաղաթեայ մորթով, կը սպասեն որ Գորալինը միանայ իրենց։ Կ՚ուզեն որ հետերնին ապրի... ընդմիշտ։ Գորալինը գիտէ. եթէ երբեք համարձակի այդ դուռէն սպրդիլ ու միւս կողմը անցնիլ, կրնայ պատահիլ որ չկարենայ երբեք վերադառնալ։
«­Գո­րալի՛ն,­հո՞ս ­ես։­ Ո՞ր ­ծա­կը ­մտեր­ էիր­»։
«­Այ­լա­մոլո­րակա­յին­նե­րը­ առե­ւան­գեր­ էին­»,­ ըսաւ­ Գո­րալին.­ «­տիեզեր­քէն­ եկած­ էին­ ու­ ճա­ռագայթ­ նե­տող ­ատրճա­նակ­ներ­ ու­նէին. ­բայց­ ես­ զա­նոնք ­խա­բեցի.­ կեղ­ծամ­ դրի ­ու ­օտա­րի ­շեշ­տով­ սկսայ­ խնդալ.­ յե­տոյ ­փա­խայ­»։
«­Լաւ,­ սի­րելիս.­ հի­մա­ կար­ծեմ­ կրնանք­ ծա­մակալ­ներ­ փնտռե­լու­ սկսիլ,­ չէ՞­»։

Նկարներ՝