Եւ այն ատեն...

Մանկական պատմուածքներ

Ուրեմն այսպէս. Արան պէտք է հրշէջները համոզէ, որ իրենց կարմիր բեռնատարը դպրոց բերեն։ Ան նաեւ պէտք է բոլոր աշակերտներուն ներկայացնէ «Փոքրիկ հրշէջներ» ծրագիրը: Ուրիշ հարց որ այս մէկը բնա՛ւ իր գաղափարը չէր... Հետաքրքրական է ուսապարկով արկածախնդրութիւն փնտռելու երթալը, անշուշտ եթէ բեռը չափազանց ծանր չըլլայ: Բարեբախտաբար արկածախնդրութեան կարելի է չսպասած ատենդ հանդիպիլ...G Արան եւ իր ընկերները շատ գաղափարներ ունին պարտէզին մէջ իրենց տնակը շինելու համար, բայց արդեօք պապաները քիչ մը շատ չե՞ն խառնուիր այս ծրագիրին... Ահաւասիկ Արային եւ իր ընկերներուն արկածախնդրութիւնները՝ երեք պատկերազարդ պատմութիւններով։
Կարծեմ կաս-կարմիր եղայ։ Կ՚ուզէի առարկել, որ անանկ բան չէի խոստացած, բայց պարոն Նարեկը՝ թուաբանութեան ուսուցիչը, դասարան մտաւ, եւ դասը սկսաւ։<br /> Թուաբանութեան շա՛տ կը սիրեմ, մանաւանդ երբ որ պարոն Նարեկը մեզի խնդիրներ տայ լուծելու։ Կը սիրեմ ճիշդ պատասխանը գտնել։ Բայց այսօր միտք ուրիշ տեղ էր։ Կը մտածէի՝ ինչպէ՞ս բեռնատարը դպրոց բերելու հարցին լուծում գտնէի... Կացութիւնը բարդ էր. ինչպէ՞ս մէջէն պիտի ելլէի, չէի գիտեր...

Նկարներ՝