Պետիկ զգուշաւոր քայլերով պիտի մօտենայ անկիւնի երկաթէ պահարանին։ Քիչիկ մը ճիգ, եւ տեղ տեղ կանանչ ներկի յիշատակներ պահպանած դռնակը կը բացուի։ Պետիկ անհամբեր պիտի տարտղնէ անցած աշնան չորցած տերեւները եւ իր գաղտնարանէն հանէ նայլընէ տոպրակի մէջ փաթթուած տրցակը։ Կամաց, նուրբ, կ՚ըսես սրբազան մասունքներ՝ մէկ մէկ պիտի տոպրակէն առնէ հինցած գրքոյկները, մատերուն ծայրերով պիտի շոյէ պատկերներուն խամրած գոյները եւ պիտի ջանայ յիշել տղան, որ նոյն կերպ շոյած է այս պատկերները, երբ անոնք թարմ էին տակաւին։ Տղան, զոր երբեք չէ ճանչցած։
Նկարներ՝

