Արդեօք ուրիշ մէկը չէ՞ր իր տեղը խօսողը։ Մանաւանդ, անոր համար, որ իր նախապէս պատրաստած նախադասութիւնները տարբեր էին։ Ան պիտի ուզէր ըսել, օրինակի համար «Ա՜հ, դո՞ւն ես, ի՞նչ երջանկութիւն... մնացի՛ր, մինակ մի՛ ձգեր զիս...» եւ այլն։ Բայց անիծեալ բառերը գամուեր մնացեր էին իր մէջը։ Չէին ուզեր դուրս գալ։ Արտասանած բառերը օտար էին իրեն համար։
Նկարներ՝


