Իր պզտիկութիւնը, երիտասարդութիւնը, հասուն մարդու կեանքը արժելով անցուցած Մոլոյին համար կ՚արժէր, որ այդ երջանկութիւնը նորէն տրուէր իրեն այս ծեր օրերուն մէջ։ Շատ ոտքերուն տուած էր հասկցնելու համար գիւղացիներուն, թէ ինք ուժով էր տակաւին, կրնար մէկ օրուան մէջ տաւարը ամէն արօտներու ալ հասցնել, բայց հաներ էին զինքը գործէ ու տեղն էր անցած իր ժմնուկ տղան, Մարկոսը։
Նկարներ՝

