Անդրանիկին, այդ գիւղացի տղուն համար, իր հայութիւնը անցեալի մէջ կորսուած քաղցր յիշատակ մըն է: Պապենական ցած խրճիթը, գոմը, կենդանիները, բոլորն ալ պարտէզներու մէջ թաղուած, ուր երջանիկ եղած ըլլալ կը կարծէ ու կ՚ոգեկոչէ զանոնք, ամէն տեղ, ամէն ատեն, ցերեկները՝ աչքերը բաց, ամբողջ գիշերներ, երազին մէջ, մրմնջելով շարունակ անոնց անունը, ջերմութիւն ունեցող հիւանդի մը պէս։
Նկարներ՝


