Հայ աղբրտիք

Արձակ ժողովածու

Հայ աղբրտիք արձակ ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1941-ին Փարիզի մէջ։ Պէշիկթաշլեանի այս գիրքը ընթերցողին կը ներկայացնէ զանազան քաղաքներու հայ կերպարներ՝ պոլսեցի, վանեցի, ակնցի, կեսարացի, իզմիրցի եւ շատ ուրիշներ։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նշան Պէշիկթաշլեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Վանեցիին սիրտը ոսկի, հոգին ոսկի, աստուածը ոսկի է։ Ան կը բանի կամ ոսկիի տակ, կամ ոսկիի վրայ։ Վանեցիին քսակը գոց է, սակայն, սեղանը` բաց։ Ձեռքը գոց է, բերանը՝ բաց։ Գլուխը գոց է, ճակատը՝ բաց։ Վանեցիին ականջը գոց է, սակայն, աչքը շատ բաց։

Նկարներ՝