Այս ամէնուն լծակը, բնականօրէն դարձեալ Ոսկին, գերիներ շինեց։ Շղթայեց։ Անօթութիւններ անարգելով, անօթութիւններ սրելով՝ ապականեց։ Ամէն ժամանակէ աւելի։ Այլ բոլոր գծերուն վրայ, ցրուած թէ խումբով, կը վազէին թուղթի ու պարահանդէսներու ուղղութիւնով, կազի մուխով, կառքերու արագութիւնով։ Հասնելու ինչի՞... Խթանն էր շնագին հաճոյքը, վայելքը, յղփացումն ու փառքը...։
Նկարներ՝

