Անջրպետի մը գրաւումը

Բանաստեղծութիւններ

«Անջրպետի մը գրաւումը» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն առաջին անգամ հրատարակուած է 1928-ին, Փարիզի։ Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնները ընթերցողին կը ներկայացնեն սփիւռք դառնալու փորձառութիւնը։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են «Սփիւռք մատենաշար»-ը ներկայացնող Մարկ Նշանեանի ընդհանուր նախաբանը եւ գիրքի խմբագիր Արթուր Անդրանիկեանի յատուկ յառաջաբանը։ Վերջաւորութեան կայ նաեւ Նիկողոս Սարաֆեանի հակիրճ կենսագրութիւնը։
Լարախաղաց սուրբ զինուոր՝ ես հազար պար պարեցի,<br /> Բայց լարէն վար ես նորէն կը դառնամ կոշտ գիւղացի։

Նկարներ՝