Բառարաններու կայքէջ


ՆԿԱՐԻ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ (3)՝
Հիմնական բառարաններէն անկախ, կայքէջին աջ կողմի սիւնակը պատկերուած բառարաններու ցանկ մը կը հրամցնէ յաւելեալ պրպտումներու համար։ Բառարանները կարելի է առանձին թերթել կամ դիւրութեամբ բառարանէ բառարան եւ նոյնիսկ լեզուէ լեզու անցնիլ։ Իսկ երկու ուղղագրութիւններու միջեւ երթուդարձի պարագային, «Նայիրի» անմիջապէս կը զգուշացնէ թէ փոփուխութիւն եղած է։
«Նայիրի» կայքէջին վրայ տեղադրուած են նաեւ HySpell հայերէն ուղղագրիչները, ինչպէս նաեւ հանրադասիչ (Unicode) տառատեսակներու հաւաքածոյ մը, որ կարեւոր պաշար մըն է մանաւանդ ձեւաւորումի եւ հրատարակչական ասպարէզներու մէջ գործողներու համար։
«Նայիրի» իր գործիքներով եւ դիւրութիւններով կարեւոր կայքէջ մըն է արեւմտահայերէնի համար, նկատի ունենալով, որ Google Translate-ի նման զանազան գործիքներ արեւելահայերէնով կամ հայաստանեան ուղղագրութեամբ կը բանին։ «Նայիրի» կայքէջին հեղինակն է՝ Սէրուժ Ուրիշեան։ Բառարաններուն թուայնացումին մէկ մասը հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կողմէ։