Մշակութային առաջին հանրագիտակս

Հանրագիտարան

«Մշակութային իմ առաջին հանրագիտակս» տասը հատորներով շարքին իւրաքանչիւրը նիւթի մը հանրագիտարանն է։ Բոլոր էջերը գունաւոր լուսանկարներով եւ բացատրական գծանկարներով ճոխացած են եւ նախատեսուած է դպրոցական տարիքի աշակերտներու համար։
Բացի դպրոցականներէն, իր գիտելիքներով շարքը նաեւ կը գոհացնէ բոլոր տարիքի ընթերցողները։ Մանաւանդ հարուստ աղբիւր է արեւմտահայերէն եզրերու համար, որ կարելի է գործածել զանազան ծրագիրներու։ Շարքին հատորներն են՝
  1. Մանուկներու պարտէզը
  2. Կենդանական աշխարհ
  3. Մարդկային մարմին
  4. Ինչպէ՞ս շինուած է
  5. Ինչպէ՞ս կ՚աշխատի
  6. Համակարգիչ
  7. Գիտութիւն
  8. Ատլաս
  9. Երկիր մոլորակը
  10. Տիեզերք
Բոյս մը ինչերէ՞ կը բաղկանայ<br /> Բոյս մը կը բաղկանայ հետեւեալ մասերէ. արմատներ, ցօղուն, տերեւներ ու ծաղիկներ։ Արմատներ զայն կը հաստատեն հողին մէջ ուրկէ կը ներծծեն ջուր ու սննդանիւթ։՝ Կարգ մը արմատներ ուռուցիկ են, ուրիշներ՝ բարակ ու երկար։ Տերեւները ցօղունին վրայ ամրացուած են իրենց կոթուններով։ Ծաղիկներու պարագային, փերթերն ու թերթերը կը շրջապատեն որձաներն ու իգաները որոնք կը ծառայեն բուսական սերնդագործութեան։

Նկարներ՝