Միտք եւ արուեստ

Գրական եւ վերլուծական յօդուածներու ժողովածու

Այս հատորով, Յառաջ օրաթերթի յաւելուած՝ «Միտք եւ արուեստ»էն ծաղկաքաղ մը կը հրամցուի ընթերցողին։ «Միտք եւ արուեստ»ը լոյս տեսած է ամսական դրութեամբ 1976էն մինչեւ 2009, այսինքն՝ մինչեւ թերթին փակումը։ Յաւելուածէն առնուած յօդուածներու այս ծաղկաքաղը կ՚երկարի մինչեւ 1987, ընդգրկելով 21 հեղինակէ հարիւրի մօտ գրական ու վերլուծական յօդուածներ։ Հատորին կարեւոր յատկութիւնն է, որ ընտրուած յօդուածները «Միտք եւ արուեստ»ի մէջ լոյս տեսնելէն ի վեր՝ մնացած են անտիպ։ Հատորին հրատարակութեամբ յօդուածներու կրկին տարածում գտնելը ոչ միայն կը փորձէ հասանելի դարձնել այս հսկայական հարստութիւնը, այլ անոնց արծարծած նիւթերը կապել ներկային, նկատի ունենալով անոնց շարունակուող այժմէականութիւնը։
«Ներկայ հատորը երեսուն տարուան հեռաւորութենէ կը շարունակէ Արփիկ Միսաքեանի հրատարակած «Յառաջ 50» (1976) եւ «Յառաջ 60»ով (1987) սկսուած շարքը։ Կը հետապնդէ նոյն նպատակը. «Յառաջ»ի թիւերէն ծաղկաքաղով մը հետաքրքիր ընթերցողին աւելի դիւրաւ մատչելի դարձնել էջեր, որոնք ժամանակին տոկալու ամէն յատկանիշ ունին, բայց դատապարտուած էին թերթի մը վիճակած անխուսափելի ցրւումի վիճակին մէջ մնալու։ Այդ ընթերցողին դժուար հասանելի պիտի մնային անոնք, նոյնիսկ ամփոփուած ըլլալով հաւաքածոներու մէջ եւ նոյնիսկ եթէ հաւաքածոները գտնուէին յարգելի գրադարաններու մէջ։ Թուայնացման արդի ժամանակը պիտի կրնա՞ր բոլորովին բառնալ այդ դժուարութիւնը»։<br /> Ա. Թոթոյեան

Նկարներ՝