Մաշտոց – Ոչ այդքան ճշգրիտ պատմութիւն

Շարանկար

Եզնիկ եւ Կորիւն երկու աշակերտ են, շատ հին, ոչ այդքան ճշգրիտ ժամանակի մը մէջ։ Երկու ընկերները կը փորձեն օգնել Մաշտոցին, որպէսզի յաջողցնէ իր մեծ ծրագիրը։ Արկածներու մէջէն անցնելով, երկու ընկերները եւ իրենց ուսուցիչը պիտի կարենա՞ն հասնիլ իրենց նպատակին։ Իսկ մենք անոնց պատմութիւնը կարդալու ատեն, որքա՛ն պիտի ծիծաղինք։
«Սիրելի՛ Եզնիկ եւ Կորիւն,<br /> Շնորհակալ եմ նախագիծին մէջ ձեր ունեցած ներդրումին համար։ Այս ամէնը իրականացնելը անկարելի պիտի ըլլար։ Լա՛ւ, կ՚ըլլար, բայց թերեւս աւելի դանդաղ կամ թերի։ Հիմա վերջապէս կրնաք ըմբոշխնել ձեր վաստկած հանգիստը։ Նամակին մէջ կը գտնէք արձակուրդի երկու տոմս՝ Վաղարշապատեան բոլոր հանգստեան ծառայութիւնները վայելելու համար։<br /> Վայելեցէ՛ք,<br /> Մաշտոց»։

Նկարներ՝