-Կենացդ:<br /> Խմեց, գլուխը դրաւ Ալիին ուսին, աչքերը փակեց: Հոն չէր հիմա ա՛լ: Ինք ալ չէր գիտեր թէ ուր էր: Ուղեղը կարծես կ՚ուռենար, եւ տաքութեան հետ՝ յարաճուն ժխոր մը կը լեցուէր ականջներուն մէջ:<br /> Ալի ապուշցած էր: Օգտուիլ անգամ չէր խորհեր: Վոտքայի գաւաթը ձեռքը, անշարժ կը մնար վախնալով որ ամենաթեթեւ շարժումը հմայքը կը խզէր:<br /> Վերջապէս գաւաթը տարաւ բերնին, կէսը պարպեց: Չհասկըցաւ թէ ինչ ըմպելի էր ադ:<br /> Շոգեկառքի սոյլը տարածուեցաւ, հեռաւոր բայց աղեխարշ: Կիւլկիւն լսեց ու սարսռաց: Հեծկլտանքը կապեց խռչափողը: Գեղջկուհիին լաջակը՝ արցունքոտ աչքերու վրայ: Ամայի, անծայրածիր դաշտը անատոլեան տափաստանին: Մռայլ կոթողը պետութեան՝ կայարանի շէնքը, մոխրագոյն, կորսուած՝ ամայութեան մէջ: Եւ անծանօթ կինը: Եւ գեղջկուհին՝ սպիտակ գոլորշիներու ետին: Եւ սուլումը:
Նկարներ՝


