Խաղերու շարք
Մէկ մատ է, քանի՞ թիզ է…։ Հեռու չէ՛, երկու քայլ է…։Այլ ձեռնախաղեր են Ափ եւ ծափ եւ Դալար թաթիկ։
Իսկ ան որ իր պնակը հայելիի նման մաս մաքուր կը ձգէ, պնակին մէջ իր նշանածին փայլուն երեսը կը տեսնէ` կ՚ըսէ Սուրբ Սարգիսը…։Յատկապէս դպրոցական բակերը կրնան ծառայել որպէս լաւագոյն վայր այս խաղերը սովորութեան վերածելու համար, որմէ ետք խաղընկերներ կրնան արտադպրոցական միջավայրերու մէջ եւս շարունակել խաղերը։ Երեխաներուն համար դպրոցի բակին մէջ շարուիլը աւելի հաճելի դարձնելու համար, Խաղ ու մաղը ունի յատուկ խաղ մը՝ Օձախաղ։
Խաղալ դպրոցական վերամուտին, կարենալու համար շուտով շարուիլ ետեւ ետեւի, երբ զանգը հնչէ…։Խաղերուն մէկ մասը հաշուերգեր են, որոնք կը գործածուին բոլոր խաղերէն առաջ՝
Հաշուերգերը միշտ կը հնչեն. խաղէն առաջ կամ խաղի ժամանակ, խաղը սկսողին կամ աշխատանք մը կատարողին դժուար ընտրութիւնը ձգելով բախտին…։Հաշուերգերն են՝ Ակուլ տուկուլ, Աղուտ կուտ եւ Մատանիս կորսնցուցի։ Կան նաեւ հանելուկ խաղեր՝
Հանելուկներուն պոչը երկար է…։ Կարելի է ստեղծել ու խաղալ բոլոր կենդանիներուն համար…։ Կրկնել` գոց սնտուկ, բաց սնտուկ, մէջէն ելաւ հանելուկ…։Հանելուկ խաղերն են՝ Ուղտը եւ Գորտը։ Խաղ ու մաղ ծրագիրին աշխարհը կը բացուի կենդանիներու աշխարհին, ուր կ՚երթան ու կու գան գայլը, աղուէսը, արագիլը եւ հաւիկները։ Կը գործածուին մարմինի անդամները, թաթիկները եւ ոտքերը։ Կ՚երթեւեկեն երկնային եւ երկրային երեւոյթները, ամպերը, աստղերը, ծաղիկները... եւ ինչու չէ, տունէն ներս գտնուող առարկաները՝ սաւանը, բարձը, թաշկինակը... եւ ուրիշ ինչե՜ր...։ Վարի յղումներէն հասանելի է իւրաքանչիւր խաղի էջը, ուր կարելի է գտնել խաղին տեսերիզը, ինչպէս խաղալու մասին ուղղութիւններ եւ խաղին ամբողջական բառերը։ «Խաղ ու մաղ» մաս կը կազմէ 2016-ի Նորարարութեան Աշխատանոցէն (Յուլիս 9-17 2016, Քուլարէշ, Փորթուկալ) ներշնչուած ծրագիրներուն, եւ օժանդակուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան կողմէ։
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական տեսերիզ
Մանկական խաղ
Ձեռնախաղ
Ձեռնախաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ
Մանկական խաղ