Սուտ աղուէսիկ

Որթատունկը, ողկոյզը… Որթատունկը, ողկոյզը… Աղուէսը մօտեցաւ որթատունկին, աչքը տնկեց ողկոյզին… Անօթի էր աղուէսը, կ’ուզէր ուտել խաղողը… Բարձրացուց թաթիկները, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Կեցաւ ոտիկներուն ծայրը, բարձրացուց թաթիկները, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Ցատկեց աղուէսը մէկ անգամ, երկու անգամ… Ցատկեց աղուէսը տասը անգամ, քսան անգամ, սակայն ողկոյզը ո՜ւր, թաթիկները ո՜ւր, կը չարչարուէր ի զուր… Աղուէսը շատ բարկացաւ, սաստիկ զայրացաւ, սակայն բնաւ յայտնի չըրաւ… - Թո՜ւ թո՜ւ,     աս խաղողը թթու է…     Թո՜ւ թո՜ւ,     թթու խաղող ո՞վ կ’ուտէ… Ըսաւ աղուէսը, շարժեց պոչը ու հեռացաւ… Սո՛ւտ աղուէսիկ, պոչիկը ծաղիկ…

Տեսերիզ՝