Հանելուկ՝ ո՞վ ինկաւ

Հանելուկ է, մտածէ՜, պատասխանը արդեօք ո՞ւր մտած է… Այն ո՞վ է… Կանանչ ապուր միշտ կ’եփէ… Կանանչ ապուր միշտ կ’ուտէ… Եթէ չգիտնաս, չըլը΄փ, չըլը΄փ, տաք ապուրին մէջ կ’իյնաս… - Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ… - Չըլը΄փ, չըլը΄փ Շուշի՛կը ինկաւ… - Չըլը΄փ, չըլը΄փ ո՞վ ինկաւ… - Չըլը΄փ, չըլը΄փ Նուշի՛կը ո՞վ ինկաւ… յ․գ․ Այն երեխան, որուն անունը կը տրուի, կու գայ եւ շրջանակին մէջտեղը կը նստի, ապա խաղիկը կը կրկնուի ու երբ հասնի վերջին տողը, ի՛նք պէտք է յայտնէ ուրիշի մը անունը…