Թագաւորն ու Ծովը

Մանկապատանեկան վիպակ

Թագաւորի մը հանդիպումը ծովուն, շուքին, անձրեւին, ամպին, գիշերուան եւ երկնքին, ուրուականին, ծառին եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկաներու հետ…։ Երբեմն ինքզինքը տկար զգալուն՝ բարկացող, երբեմն՝ իր ուժին զարմացող, երբեմն ալ՝ թագաւորութեան սահմաններէն ներս տեղի ունեցածներուն դիմաց խանդավառուող թագաւորին ամէն մէկ հանդիպումը կը պատմուի նուրբ ու զգայուն փոքր հեքիաթներով։
«Ծածկոց մը կ՚ուզեմ», ըսաւ թագաւորը։
«Անմիջապէս։ Իսկոյն։ Եւ… թող գեղեցիկ ըլլայ»։
Յանկարծ սկսաւ ձիւն տեղալ։
Ձիւնը տեղաց մեծ ու սպիտակ փաթիլներով։
«Ահա՛ ծածկուէ», ըսաւ երկինքը՝ երկրին վրայ փռելով փայլ մը։
«Շնորհակալ եմ», ըսաւ թագաւորը զարմանքով։

Նկարներ՝