Կեդրոնական կերպարը, մերթ էգ, մերթ արու, եւ իբրեւ այդ երկդիմի, սեռայնապէս անորոշ եւ իբր այդ առանձնաշնորհեալ, տեղաւորուած պատումի կորիզին քիչ մը արուեստագէտին իքնանկարն է իբրեւ երիտասարդ գաղթական, ճամբորդ, մեկնումներու, ժամանումներու էակ, զրկուած-կորզուած իր մանկութենէն, իր պատմութենէն, իր հողէն, պարզապէս ինքն իրմէ։ Ուստի՝ արուեստագէտը կ՚առնէ աքսորականի դիմակը որուն երկար ուղեւորումը կ՚անցնի ներուսական փորձերու շարքէ մը։
Նկարներ՝


