Սփիւռք եւ ինքնացում

Վերլուծումներ

Սփիւռքը կը սկսի գրութեամբ մը որ կը կոչուի «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով»։ Կը գտնուի այս հատորին կեդրոնին, եւ իր շուրջ՝ տարիներու երկայնքին գրուած ճոխ ընտրանի մը վերլուծական էջերու եւ ուսումնասիրութիւններու - երկու «նոր ծնունդ»ներէ սերող, եւ որ կ՚ընդգրկէ այսօր հարիւր տարուան վրայ երկարած սփիւռքահայ գրականութիւնը...։ Առաջին «Նոր ծնունդ»ը՝ կը ներառէ յետ-եղեռնեան ֆրանսահայ գրագէտներ, երկրորդը՝ Միջին Արեւելքէն ծլած գրագէտներ, այսօր ցրուած աշխարհով մէկ։ Այդ բոլորը միացնողը գրական Սփիւռքն է, Սփիւռքը որպէս գրականութիւն։ Որովհետեւ անիկա է նաեւ, ու մա՛նաւանդ, գրական արտադրութիւն մը։ Սփիւռքը կը ծնի գրութեամբ մը, բայց մանաւանդ կը կազմաւորուի իր իսկ արտադրած գրականութեամբ։
Չելլէք հիմա մտածելու, որ շահնուրեան ոճի ահազանգ մը պիտի հնչեցնեմ. «Կը նահանջե՜ն…, կը նահանջե՜ն…», եւ այլն։ Բեմայարդարումը՝ Լիւքսամպուրկ է, Էտմոն Ռոսթան հրապարակ, քաֆէները - հաւատացէ՛ք որ պատահական է։ Պատահականութեան արդիւնք է, որ այդ օր Շարլին եւ ես որոշեցինք հո՛ն հանդիպիլ, եւ ո՛չ ուսանողական քաղաքամասի ուրիշ մէկ անկիւնը։ Սակայն ինբ որ պատահական չէ, ինծի կը թուի, մեր մօտեցումն էր, խօսակցութեան մեր շեշտը. բոլորովին ո՛չ-պատահական, եւ նշանակալից։ Քառասուն տարի մը առաջ. փարիզեան նոյն բեմանկարի գրկին, Լիւքսամպուրկի նոյն ծառերու ստուերին, սերունդ մը ապրած էր գոյութենական այս Կացութիւնը, փորձած էր մտածել զայն. բայց խեղդուած էր անկէ ժայթքող պաթոսին մէջ։ Եւ ամէն բան ահա եղեր էր ահաւոր կերպով պարզ.
- Կը նահանջեն աւանդութիւն, ընտանիք. կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն…
… Ձուլուեցէք, ձուլուեցէք, ձուլուեցէք…
Պարզ, եւ ողբերգական՝ իր պարզութեամբ.- Կացութիւն մը, գոյութենական վիճակ մը, որ երկո՛ւ եզր միայն ունի. Աւանդութիւնը, որ կը մեռնի… եւ Նահանջը, որ «իր անունը կ՚ոռնայ բոլոր քառուղիներէն»։
Մինչ այսօր…
… Մինչ այսօր, Անն տը Պրըթանէի արձանին տակ, չորս տասնամեակ ետք նահանջի օրհասական ճիչէն, Փարիզահայ Շարլին, լիբանանահայ ուսանող իր ընկերոջ հետ, գոյութենական նոյն վիճակին առջեւ, կը մտածէ։ Կը մտածէ, եւ կը մերժէ։ Կը մերժէ պաթոսը. կը մերժէ իր նախորդներուն անել պարզութիւնը։ Կը մերժէ միամիտ հակադրումը աւանդապաշտութեան եւ ձուլումի։
- Շատ աւելի բարդ է մեր կացութիւնը. չե՞ս կարծեր։ Որոշ չափով ալ նոյնը չէ՞ ձեր քով, Արեւելքի մէջ։ Աւանդութիւն եւ ձուլում, d'accord. բայց չէ՞ որ պարզ տուեալներ են այդ երկուքը. չէ՞ որ չ՚ապրուիր պարզ տուեալներով…

Նկարներ՝