Ամբողջ վիճաբանութեան ընթացքին Սիլվա լուռ մնաց ու առանց սովորականին պէս ինծի սպասելու, լայն քայլերով դէպի իր ինքնաշարժը ուղղուեցաւ։<br /> «Սի՛լ, կեցի՛ր վայրկեան մը», ըսի ետեւէն վազելով։<br /> «Երբեմն անանկ բաներ կ՚ընես որ... Չեմ կրնար հաւատալ, որ բոլորովին անծանօթ աղջիկ մը ներ առեր ես...», մրմրթաց Սիլվա, առանց ետեւ նայելու։<br /> «Սի՛լ, հաճի՛ս, հիմա վիճաբանելու սիրտ չունիմ։ Վաղը պիտի ձգէ երթայ։ Ի՞նչ կ՚ուզէիր որ ընէի։ Փողոցը ձգէի որ ծեծէին կամ սպաննէի՞ն։ Վստահ եմ որ եթէ տեղս ըլլայիր՝ դուն ալ նոյնը պիտի ընէիր»։
Նկարներ՝


