Մէջ ընդ մէջ

Փորձագրութիւն

Հատորը կազմող երեք գրութիւնները հրապարակային խօսքառումներ են, ծնած պարագայական դէպքերէ եւ սեւեռող աւելի մնայուն խնդիրներ. «Աղէտի լեզուն» եւ գրական փորձառութիւնը։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Հոս, հիմա, գրագէտը կը գտնուի ծննդավայրին մէջ, նոյնիսկ քանի մը քիլոմեթր ասդին տունէն, փողոցէն, թաղէն, -միակը տեղերէն գուցէ որուն համար պիտի ըսէ «իմ», «մեր»- որուն վերադարձեր է բազմաթիւ անգամներ մեկնելէ ետք եւ չի դադրիր հոն վերադառնալէ։ Այս վերադարձը անհուն շրջադարձի մը կը նմանի։ Գիտես որ երբեք չես կրնար վերադառնալ, ո՛չ անոր համար որ հիմա ամեն ինչ կը թուի փոխուած, պզտիկցած, տժգունած, ըսենք աղջամղջային, այլ անոր համար որ մեկնումիդ ու վերադարձիդ միջեւ այլափոխուեր ես, ծներ ես գոնէ քանի մը անգամներ, մէյ մը երթիդ, մէյ մըն ալ դարձիդ։

Նկարներ՝