Ղազարաւան

Պատմուածք

Այս գեղարուեստական արձակը Հայաստանի Աշտարակ քաղաքի մօտիկ գիւղի մը կը վերաբերի։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Եւ հիմա վերջապէս խրախճանքն է խոտակերաց համայնքին, Ղազա՛ր, մեծդ խոտաճարակդ, որ նստեր ես հոն ի բացակայութիւն, կը հսկես սեղանին ամենադէզ բանջարներով եւ անգոյ երէներով ամենատենաչալի երկրին, կը դիտես այս ամենը պատրաստեալ ի Տեառնէ, ինչպէս կ՚ըսեն, մանաւանդ ի մարդոյ, քանզի առանց մարդոյ չիք աստուած, առանց խոտի, ձէթի, համեմնունքի, կաւի, սկաւառակի, նուագի չիք ճաշակ վերնային ու պատարագ անարիւն։

Նկարներ՝