Հրապարակներ

Փորձագրութիւն

Ընդմէջ գեղարուեստական արձակին եւ փորձագրութեան-էսսէին, այս անտիպ գրութիւնը, որոշ «երեւութաբանական մօտեցումով» կը սեւեռէ «հրապարակը» որպէս քաղաքային տարածք եւ գոյութեան բնավայր։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Տեղ մը՝ որուն ո՛չ մէկ անցք, վճառական իրադարձութիւն, անձնական որեւէ զգայացունց պատմութիւն, եւ ուր սակայն կը դիմեմ յաճախ։ Գետը կը կտրեմ, կողմնակի փողոցներէն կը հասնիմ այնտեղ ուրկէ կը բացուի գրեթէ քառակուսի խորանարդ կազմող միջոցը, իր կեդրոնի լամբակոթողով. շուրջը պուրակ մը յօրինել ուզող չորս ծառեր. կողքին Տելագրուայի աշխատանոցը։ «Որքան նկարիչը հեռակաւոր է, գաղտնի կը մնայ արուեստանոցը», կը գրէ ծանուցումը։

Նկարներ՝