Կշռական հատում

Փորձագրութիւն

Գրութիւնը տպուած է իբրեւ յառաջաբան Մանտրաներ ամբողջական հատորին։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Յայտնի չէ՞ր որ ոչինչ ունէի, հող կամ հաստուածք, ինչ որ ճգներ եմ կոչել վայր, ոչինչ կը պատկանէր ինծի, ո՛չ իսկ հարազատն ու օտարը, կամ թերեւս որպէսզի պատկանէին հարկ էր շեղանցք մը յօրինէի, որ վերադառնար հիմունքին, ընդդարձէր լեզուին մէջ մնացող, անոր ընդդիմացող օտարը։ Լեզուն՝ օտարի այդ կերպարանքը վաղեմի։ Սանսկրիտ հեռաւորումով կ՚անջատուիմ անմիջականէն, որպէսզի մեռեալ լեզուն չըլլայ տուեալ այլ ընկալելի։ Ինչ կը տարատնկէի ստեղծելի էր միայն, որովհետեւ հարկ էր ըլլալ լեզու։

Նկարներ՝