Աքսորը կամ արտասահմանումը, ծագունմէն դուրս ելքը պատկերն է հարազատութեան լքումին, յարմարութեան կիրարկումին։ Տարբերը զիս կը դարձնէ խնդրական, կ՚ըլլայ հարցում։ Սակայն տարբերը եթէ կը տանի, կը բերէ ալ զիս ինծի, եւ այս երթ ու դարձն է հարազատութեան վարժումը։ Ինքնութիւնս նոյնութեանս մէջ չէ, այլ տարբերութեանս։ Այս երկու բեւեռներուն միջեւ կայ պատումը, պատմութիւնը, ժամանակը, այսինքն պատմողական ինքնութիւնը։
Նկարներ՝


