Արդի ժամանակները, գերմանական ռոմանթիզմէն ասդին, կը յատկանշուին արդէն գլխաւորաբար ներկայի այս գերակշռութեամբ։ Էապէս արդի կրթանք եւ գուցէ աւելի հիմնօրէն ըսուած՝ իբրեւ մարդկային մտքի արդիական որոշադրում, քննադատութիւնը չի կրնար ինքզինք արտաքսել ներկայէն, ինքզինք վերացարկել, առանց զրկուելու ժամանակակից արտադրութիւններու փրկարար ցնցումէն, տագնապէն կամ հարցադրումէն։
Նկարներ՝


