Երկլեզու ցանցը

Փորձագրութիւն

Նախ գրուած որպէս մուտք Ֆրանսահայ գրականութիւն աշխատութեան հայերէն տարբերակին (Երեւան, 2017) այս էջերը խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն գրական երկլեզուութիւնը թարգմանական ընդհանուր տարածքին հունին մէջ։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Ժամանակակիցը իր մէկ ոտքը ունի դրած անցեալին մէջ, իսկ միւսը ներկային, տեսակ մը շարունակուող ներկայի։ Անոր սահմանները խորքին մէջ մեր իսկ սահմաններն են։ Քննարկողն ու քննուողը կից են իրարու այն իմաստով որ կը պատկանին նոյն ժամանակին, ասոր բովին, ասոր երկայնքին յայտնուած արարքներու եւ երկերու, որոնք քննուող նիւթն են քիչ թէ շատ ներկայ քննուողի հորիզոնին։

Նկարներ՝