Բարեկամը

Փիլիսոփայութիւն

Այս գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի l'amico փիլիսոփայական փորձագրութեան, ուր Ագամբեն կը դիմէ Արիստոտէլին, պեղելու բարեկամութեան իմաստը։ Բարեկամը որպէս այլ ինք մը՝ որու հետ կը բաժնենք. գոյութիւն ունենալու փաստը, ապրելու քաղցրութիւնը։
Ի՞նչ է, արդարեւ, բարեկամութիւնը, եթէ ոչ մօտիկութիւն մը, որուն մասին ո՛չ պատկերացում կրնանք կազմել, ո՛չ ալ յղացք։ Ճանչնալ անձ մը որպէս բարեկամ կը նշանակէ չկարենալ զինք ճանչնալ իբր «բան» մը։ Չենք կրնար ըսել «բարեկամ» ինչպէս կ՚ըսենք «ճերմակ», «իտալացի», «տաք». բարեկամութիւնը ենթակայի մը յատկութիւնը կամ մէկ որակը չէ։

Նկարներ՝