մանկավարժական աղբիւրներ արեւմտահայերէնով

Սանդուխ՝

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա

«Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա» ազատ հանրագիտարանը 2019-ի սկիզբէն ի վեր անկախ արեւմտահայերէն հարթակ մըն է։ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ստեղծուած է արեւմտահայերէն լեզուին առանձին համակարգչային լեզուական կարգանիշ մը ստանալէն յետոյ։

«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութեան եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան տարած ջանքերով, արեւմտահայերէնը Յունուար 2018-ին օժտուեցաւ յատուկ ISO 639-3 լեզուական «hyw» կարգանիշով։

Կարգանիշի բացակայութիւնը երկար ժամանակ հիմնական խոչընդոտը եղած էր արեւմտահայերէնի համակարգչային գործածութեան զարգացումին։ Ուղղագրական ստուգիչի, ձայնային ճանաչման, թարգմանութեան եւ այլ ծրագիրներու գործածութեան ժամանակ, արեւմտահայերէնը ստիպուած կ՚ըլլար գործածել արեւելահայերէնին յատուկ «hy» կարգանիշը, հետեւաբար կարողութիւնը չէր ունենար ծրագիրներու իրեն յատուկ տարբերակները ստեղծել։

Բոլորս կրնանք ներդրում ունենալ «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայ»-ին։

Ուիքիփետիայի էջերու ներդրումները կը կատարուին կամաւոր խմբագիրներու կողմէ: Խմբագիր մը թէ՛ նոր գիտելիքներ կ՚ամբարէ, թէ՛ կը նպաստէ հարթակի զարգացման:

Ուիքիփետիայի հաշիւ մը ստեղծելէ ետք, կարելի է նոր յօդուած մը գրել կամ առկայ յօդուած մը խմբագրել, բարելաւումներ ընելով կամ նոր բաժիններ աւելցնելով։ Նոր յօդուած մը գրելէ առաջ, վստահ պէտք է ըլլալ, որ նոյնանման նիւթ մը չկայ արդէն իսկ։ Ստուգելու համար կարելի է գործածել էջին աջ կողմը գտնուող «Որոնել Ուիքիփետիայի կայքին մէջ» տուփիկը։

Սանդուխ՝

Այլ նիւթեր՝

Փթիթ

Սփիւռք մատենաշար

Խոնարհները

Պատմուածքներ

Պատկեր, պատում, պատմութիւն – հատոր 2

Փիլիսոփայական
Զարդիս մատենաշար

Ե՛ս եմ ամենէն ուժովը

Մանկական գրքոյկ