Քնաթաթախ ոտքի կ’ելլէր,
մուճակները քըս քըս քսելէն,
դէպի բաղնիք կը քալէր,
բայց տնակը բաղնիք չունէր…
Բաղնիքին դուռը կը հրէր,
բայց բաղնիքը դուռ չունէր…

Բաղնիք կը մտնէր
ու դուռը ետեւէն կը փակէր,
որ մարդ չնայէր…
Ո՞վ նայէր,
տնակին մէջ
մի΄ս մինակ էր։
Նկարներ՝