Օրիորդ Շուշանիկ

Մանկապատանեկան վիպակ

Օրիորդ Շուշանիկ բազմաթի՜ւ շնորհներ, սակայն միայն, միմիայն մէ՛կ երազ ունի՝ վարդագո՛յն երազ մը… Օրիորդ Շուշանիկին վարդագոյն այս երազը արդեօք պիտի իրականանա՞յ… Հարցումին պատասխանը ընթերցողը անշո՛ւշտ պիտի ստանայ, երբ կը հասնի գիրքին աւարտը կամ Համբարձման գիշերը… Գիրքին աւարտը կամ Համբարձման կախարդական այն գիշերը, երբ կը բացուին բոլո՜ր կղպուած դռները…
Շուշանիկը օրիորդ է,
այսինքն
ամուսնացած չէ΄․
բոլո՛ր դրացիները կ’ըսեն՝
թէ Օրիորդ Շուշանիկ
յիսունը շատո՛նց անցած է,
սակայն ինք կ’ըսէ՝
թէ քառասունը
տակաւին նո՛ր նոր լրացուցած է
եւ լաւատեսութեամբ կը սպասէ,
որ իր իշխանը,
ուշ կամ կանուխ,
ո΄ւր որ է,
սպիտակ ձիով
պիտի ժամանէ…

Օրիորդ Շուշանիկ
սմբակներուն դոփիւնը
ե՞րբ պիտի լսէ…
Արդեօք պիտի լսէ՞…

Նկարներ՝