Կիրակոսը
ամե՛ն օր
զէրօ կը ստանայ…
Օրիորդ Նազիկը
կը զայրանա՜յ,
իսկ Կիրակոսը
կը զարմանայ՝
Օրիորդ Նազիկին քով
այս ինչքա΄ն զէրօ կայ…

Տարեվերջին
Օրիորդ Նազիկին քով
արդեօք զէրօ պիտի մնա՞յ,
իսկ Կիրակոսին
միայն
մէ΄կը կը պակսի,
որ զինուորի նման,
իր զէրօներուն առջեւը,
շի΄փ շիտակ կանգնի…
Նկարներ՝