Թագաւորը եւ թագուհին

Մանկապատանեկան վիպակ

Թագաւոր մը, որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք, պիտի հանգուցէ ընթերցողը պալատական այս խաղին… Պալատական խաղ մը, որ կը պատահի ու կը կրկնուի, ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ, առաւօտեան կամ երեկոյեան, ժամը եօթին կամ ութին, երբեմն ալ եօթուկէսին… Պալատական ժամով եւ օրացոյցով, այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ընթերցողը պիտի ստանայ թագաւորին թագը, պիտի դառնայ թագաւոր կամ թագուհի ու պիտի շարունակէ անվերջակէտ այս խաղը…
Թագաւորը ճաղատ էր,
գլխուն
նոյնիսկ մէկ թել
մազ չունէր,
բայց մօրուքը երկար էր…
Գիշերները կը մտածէր,
թէ մօրուքը ո՞ւր դնէր՝
վերմակին տա՞կ,
վերմակին վրա՞յ,
քունը աչքէն կը փախէր…

Թագաւորը քուն չունէր,
կը չարչարուէր՝ ա΄յ,
կը տառապէր՝ ո΄ւյ,
իսկ մօրուքը
օր ըստ օրէ կ’երկարէ՜ր,
մինչեւ ո՞ւր պիտի հասնէր,
թագուհին ալ կը գանգատէր…

Նկարներ՝