Անաւարտութիւն

Փորձագրութիւն

Այս գրութիւնը կը վերաբերի արուեստի գործերու աւարտի եւ անաւարտի խնդիրներուն։ Գրիգոր Պըլտեանի 75 ամեակին նուիրուած այս շարքը կը ներկայացնէ գրողին անտիպ թէ տպուած երկերէն հատընտիր անջատ գործեր։ Նախաձեռնութիւնն է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին։
Քերթուած ու վէպ, արձակ ու չափածոյ անաւարտութեան կնիքը կը կրեն էապէս։<br /> Կարդացողը զանոնք կ՚աւարտէ միայն, իր կարգին, իր ետին ձգելով անաւարտութեան բացերը։ Կարդացողը չի կրնար զանոնք վերջացնել։ Ուրիշներ կու գան -եթէ երկը մոռցուած չէ կամ չէ լքուած- աւարտել երկը եւ զայն ձգել իրենց կարգին աւարտուն անաւարտ։ Որով այս աւարտը անհուն անաւարտութիւն մըն է, կարծէք երբեք իր կատարին չհասած ընթացք մը։

Նկարներ՝